2013-12-11 10:15:16

Լաւրով Ժամանեց Թեհրան` քննարկելու Ժնեւի մէջ ծեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով աշխատանքային այցով ժամանած է Թեհրան, ուր Դեկտեմբեր 11-ին հանդիպում պիտի ունենայ Իրանի իր պաշտօնակից Ճաւատ Զարիֆի հետ: Նախարարին, ինչպէս կը սպասուի, կ’ընդունի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոուհանին, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը` յղում ընելով ԻԹԱՌ ԹԱՍՍ-ը:
Բանակցութիւններու գլխաւոր թեմաներէն մէկը պիտի ըլլայ Իրանի եւ «վեցեակ»-ի (ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հինգ մշտական անդամները եւ Գերմանիան) միջեւ Նոյեմբերի վերջը Ժնեւի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը:
Ռուսիոյ ԱԳ նախարարութիւնը կը նշէ, որ եթէ բանակցութիւններու բոլոր մասնակիցները «պահպանեն Ժնեւի կառուցողական ոգին» եւ հասնին վերջնական համաձայնութեան, ապա ատիկա բարենպաստ ազդեցութիւն պիտի գործէ մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանի իրադրութեան վրայ եւ պիտի օգնի յաղթահարելու «ուժային մեթոտներու դիմելու` վերջին տարիներու վտանգաւոր միտումը»:
Այդ պարունակին մէջ Թեհրանի մէջ Լաւրովի հանդիպումներու ընթացքի պիտի արծարծուին նաեւ Սուրիոյ նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի գումարման հեռանկարները: Մոսկուա հետեւողականօրէն հանդէս կու գայ «Ժնեւ-2»-ին Իրանի` իբրեւ տեղի ունեցող գործընթացներու վրայ զգալի ազդեցութիւն ունեցող երկրի, մասնակցութեան օգտին:
Իրանական կողմի հետ բանակցութիւններու ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ առեւտրատնտեսական եւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան հարցերը







All the contents on this site are copyrighted ©.